Գէորգ Մալիքեանէն Թըպրեվանքին՝ Ձիթենիի Յիշատակ

Yayınlanma tarihi
27.08.2025
Kategori
Շրջանաւարտներու Յաջողութիւններ

Մեր դպրոցի երրորդ շրջանաւարտներէն (1961–1962 տարեշրջանի շրջանաւարտ), վարպետ արուեստագէտ Գէորգ Մալիքեան, «Zeytin Ağacı» հեռուստաշարքի յիշատակին իրեն նուիրուած ձիթենիի ծառը տնկեց մեր դպրոցի բակը։

Այս ձիթենին միայն յիշատակ մը չէ․ ան պիտի աճի որպէս խորհրդանիշ Թըպրեվանքի սերունդէ սերունդ փոխանցուող պատկանելիութեան զգացումին, մեր արմատներուն, յիշողութիւններուն եւ արժէքներուն։

Անոր ամէն անգամ տեսնելուն՝ պիտի յիշենք թէ՛ Գէորգ Մալիքեանի արուեստական ճանապարհը, թէ՛ Թըպրեվանք ընտանիքի անդամ ըլլալու հպարտութիւնն ու մեր ընդհանուր յիշողութիւնը։