Մեր Շրջանաւարտ Ռոբեր Քոփտաշին՝ Աթթիլա Իլհան Առաջին Վէպի Մրցանակ

Հրատարակութեան թուական
30.12.2025
Բաժին
Ուսումնական եւ Մշակութային Նուաճումներ

Մրցանակ Մեր Շրջանաւարտին

Աթթիլա Իլհան Գիտութիւն, Արուեստ եւ Մշակոյթ Հիմնարկի կողմէ կազմակերպուող Աթթիլա Իլհան Գրականութեան Մրցանակներու այս տարուան դափնեկիրները յայտարարուեցան։

2025 թուականի Աթթիլա Իլհան Առաջին Վէպի Հիմնարկի Յատուկ Խրախուսական Մրցանակը շնորհուեցաւ մեր շրջանաւարտ Ռոբեր Քոփտաշին՝ Իլէթիշիմ Հրատարակչութենէն լոյս տեսած «Unufak» վէպին համար։

Սրտանց կը շնորհաւորենք զինք եւ կը մաղթենք շարունակական յաջողութիւններ իր գրական ճանապարհին։