
Yayınlanma tarihi
11.12.2025
Kategori
Պաշտօնական Այցելութիւններ
2025 թուականի Դեկտեմբեր 9-ին, Երեքշաբթի օրը, Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրապետը ընդունեց մեր դպրոցի ներկայացուցիչները։
Այցելութեան մասնակցեցան՝ Վեսայէթի Խորհուրդի Նախագահ Ազատ Եօզքիւր Թեմիրճեան, Դպրոցի Տնօրէն Հայկ Սէրքան Գէյչան, Սանուց Միութեան Նախագահ Նուպար Թինչէօզ եւ իրենց ուղեկցող պատուիրակութիւնը։
Մեր դպրոցի ներկայացուցիչները յայտնեցին, թէ Սուրբ Խաչ Թըպրեվանքի Վանահայրի հանգամանքով ծառայող Պատրիարք Հայրապետը այցելած են՝ զայն հրաւիրելու մեր դպրոցի հիւրընկալութեամբ կազմակերպուելիք աւանդական Ամանորի ընթրիքին։
Պատրիարք Հայրապետը շնորհակալութիւն յայտնեց կատարուած քաղաքավար այցելութեան եւ հրաւէրին համար՝ նշելով, որ հրաւէրը սիրով կ՚ընդունի։

.png)
