
Սուրբ Խաչ Դպրեվանքը վաւերացուած է, որպէս Level II Approved School՝ աշխարհի ամենահեղինակաւոր կրթական հաստատութիւններէն մէկուն՝ College Board-ին կողմէ։
Այս վաւերացումով վարժարանս՝
🌍 Դարձած է միջազգային քննութիւններու եւ ակադեմական ծրագիրներու համակարգին պաշտօնական մէկ անդամը,
📚 Ստացած է AP-ի եւ SAT-ի գործընթացներուն մէջ աւելի ազդու դերակատարութիւն ունենալու իրաւունքը,
🎯 Դասուած է այն հաստատութիւններու շարքին, որոնք ապագային՝ անհրաժեշտ պայմանները ապահովելով, կրնան դիմում կատարել SAT քննական կեդրոն դառնալու համար։
Վարժարանիս հեռանկարին համաձայն, մենք մեր աշակերտները կը պատրաստենք ո՛չ միայն համալսարանի քննութիւններուն, այլեւ՝ համաշխարհային համալսարաններուն։
Մեր կրթօճախը կը շարունակէ ամրապնդել միջազգային գետնի վրայ իր ունեցած գործակցութիւնները։
Ապագան տեղական է, իսկ հեռանկարը՝ համաշխարհային։
Այս յաջողութիւնը շնորհաւոր ըլլայ մեր համայնքին։

.png)
