
Yayınlanma tarihi
28.12.2025
Kategori
Պաշտօնական Այցելութիւններ
Մեր հիմնարկի Վարչական Խորհուրդի անդամներէն կազմուած պատուիրակութիւն մը, 27 Դեկտեմբեր Շաբաթ օրը, մասնակցեցաւ Ուսքուտարի Քաղաքապետ Տիկին Սինեմ Տէտեթաշի կազմակերպած նախամանորեայ նախաճաշի հաւաքին։ Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Ուսքուտարի մէջ գտնուող փոքրամասնութեան հիմնարկներու ներկայացուցիչներու եւ համայնքի անդամներու մասնակցութեամբ։
Ջերմ եւ անկեղծ մթնոլորտի մէջ իրականացած այս նշանակալի հանդիպման եւ քաղաքավար հրաւէրին առիթով կը յայտնենք մեր շնորհակալութիւնը Տիկին Սինեմ Տէտեթաշին։

.png)
