
Yayınlanma tarihi
17.11.2025
Kategori
Յիշատակներ եւ Համաժողովներ
Սուրբ Խաչ Հայկական Լիսէն, մեր Փարիզի Միութեան մէջ 2024 թուականին կեանքէն հեռացած երեք արժանաւոր շրջանաւարտներու յիշատակին, կազմակերպեց յիշատակի գիտաժողով մը։
Գիտաժողովը նուիրուած էր Գերմանիոյ Հայոց Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Կարեկին Բեքճեան Արքեպիսկոպոսին, ADAM հրատարակչութեան հիմնադիր Նազար Բիւիւմին եւ Արաս հրատարակչութեան հիմնադիր Եդվարթ Թոմասեանին յիշատակին։
Ձեռնարկին որպէս բանախօսներ մասնակցեցան մեր դպրոցի շրջանաւարտներէն՝ Նիսի օրկէսթրի դիրիժոր Հաճիկ Յըլմազեանն ու գրող Ռոբեր Քոփտաշը։ Գիտաժողովի վարութիւնը ստանձնեց Նազլի Թեմիր Պէյլերյան։
Այս առիթով կը յիշենք եւ կը ոգեկոչենք այսօր մեր մէջ չգտնուող բոլոր շրջանաւարտները՝ խորին յարգանքով եւ երախտագիտութեամբ։

.png)
