%20(1).png)
21 Մարտ Ուրբաթ վարժարանիս մէջ առիթ ունեցանք հիւրասիրելու հմուտ եւ փորձառու մասնագէտ Տոքթ. Վահրամ Էլակէօզը։ Ան մեզի համար պատրաստած էր հետաքրքրական եւ ուսանելի դասախօսութիւն՝ նուիրուած համեմներու եւ մանրախոտերու պատմութեան, անոնց օգտագործման ձեւերուն եւ ազդեցութեան՝ թէ՛ խոհագիտութեան եւ թէ՛ բժշկութեան մէջ։ Տոքթ. Էլակէօզը մեզի պատմեց համեմներու առեւտրական ուղիներու պատմութեան մասին, յատկապէս շեշտելով անոնց ունեցած ազդեցութիւնը համաշխարհային առեւտուրի զարգացման վրայ։Ան բացատրեց, թէ ինչպէս համեմները դարեր շարունակ եղած են հզօր պետութիւններու ուշադրութեան կեդրոնին մէջ, դառնալով մեծ պայքարի եւ մրցակցութեան առարկայ։ Մենք իմացանք, թէ անցեալի հզօր երկիրները ինչպիսի՜ ջանքեր գործադրած են հեռաւոր վայրերէ համեմներ բերելու համար։ Անոնք, երկար եւ վտանգաւոր ճամբորդութիւններու ձեռնարկելով, փորձած են շրջանցել Արաբ վաճառականները եւ Վենետիկի մենաշնորհները, որոնք երկար ժամանակ վերահսկած էին համեմներու առեւտուրը։Տոքթ. Էլակէօզը յատուկ անդրադարձ կատարեց այն հայ հետազօտողներուն եւ մասնագէտներուն, որոնք իրենց գործունէութեամբ նշանակալի ներդրում ունեցած են այս ոլորտին մէջ։ Ան ներկայացուց Կարապետ Կապիկեանը, Տոքթ. Նազարէթ Տաղաւարեանը, Արմէնակ Պետեւեանը եւ Մանուէլ Քաջունին, որոնք իրենց ուսումնասիրութիւններով մեծ լոյս սփռած են համեմներու պատմութեան:Բանախօսութիւնը աւարտեցաւ աշխոյժ հարցուպատասխանով։ Վարժարանիս աշակերտները հետաքրքրուած հարցումներ ուղղեցին մեր առօրեային մէջ օգտագործուող համեմներուն եւ մանրախոտերուն վերաբերեալ։Տոքթ. Էլակէօզը մանրամասնօրէն բացատրեց անոնց առանձնայատկութիւնները, օգտակարութիւնը առողջութեան համար եւ ճաշերու մէջ անոնց կիրառման տարբեր ձեւերը։