
Yayınlanma tarihi
30.12.2025
Kategori
Ուսումնական եւ Մշակութային Նուաճումներ
Մրցանակ Մեր Շրջանաւարտին
Իզմիրի Հիւմորի Փառատօնի 9-րդ տարեդարձին առիթով, Էֆէս Սելճուք քաղաքին մէջ կազմակերպուած փառատօնի շրջանակին մէջ, Ազիզ Նեսին Հիւմորի Մրցանակը շնորհուեցաւ մեր դպրոցի 1975–1976 ուսումնական տարեշրջանի շրջանաւարտներէն Տիար Օհաննես Շաշկալին։
Փառատօնի ազդագրին վրայ տեղ գտած էր նաեւ Շաշկալի մէկ ծաղրանկարը, որ յաւելեալ խորհրդանշական արժէք հաղորդեց այս պատիւին։
Նոյն մրցանակին արժանացան նաեւ Կանի Միւժտէ, Եուքսէլ Աքսու, Ճանոլ Քոճագէօզ եւ Կանի Սունտուրի։
Կը շնորհաւորենք բոլոր արուեստագէտները, եւ յատկապէս մեր շրջանաւարտ Օհաննես Շաշկալը՝ սրտանց եւ հպարտութեամբ։

.png)
